2014-08-04 11:43:06

ֆրանսական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը Իրաքէն վերադարձաւ` ճամբորդութեան տպաւորութիւնները։


ֆրանսական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը գլխաւորող Կարտինալ Պարպարան, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով խօսեցաւ իր տպաւորութեան մասին, 5 օրուայ ճամբորդութիւն մը կատարելէ ետք Իրաքի քրիստոնեաներուն։ ''Մեր այս ճամբորդութիւնը գերազանցեց մեր յոյսերը։ Առիթը ունեցանք անսալու վկայութիւնները իրաքցի քրիստոնեաներուն, մեր աչքերը, ականչները ու սրտերը լեցուեցան անոնց պատմութիւններով ու ապրումներով''։
''Փափաքեցանք Իրաք երթալ որպէսզի տեղացի քրիստոնեաները գիտնան որ մենք իրենց համար կ'աղօթենք։Մեր ներկայութեամբ ուզեցինք յայտնել մեր բարեկամութիւնը ու անոնց տանիլ մեր նիւթական օգնութիւնը'' ըսաւ Կարտինալը ու ապա խօսեցաւ քրիստոնեաներու քաջութեան մասին։ Այս մարդիկը ընդունեցան ամէն բան կորսնցնել իրենց հաւատքին սիրոյն։ Մենք կանչուած ենք օգնութեան հասնիլ հաւատքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ կը խնդրենք միջազգային հասարակութենէն իր պարտականուութիւնը կատարել։
''Մենք, դիտել տուաւ Լիոնի թեմի առաջնորդը, մինչ կը պատրաստուինք ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպաննութեան 100-րդ տարեդարձը, ցաւ ի սրտի կը նշմարենք մաքրագործումը եւ արտահանումը Իրաքի քրիստոնեաներուն։ Այս անգամ թէեւ սպաննութիւններ տեղի չունեցան այլ ճշմարիտ տեղահանումներ։ Ուստի հարկաւոր է յիշողութիւնը որպէսզի մարդկային ողբերգութիւնները չի կրկնուին'' ։








All the contents on this site are copyrighted ©.